Ջերմուկի մէջ իր աւարտին հասաւ Ստեփան Աւագեանի ճատրակի 13-րդ յուշամրցաշարքը, երբ կատարուեցան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի ճակատումները:
Տիտղոսին եւ 1,5 միլիոն դրամ պարգեւավճարին տիրացաւ իրանցի կրանտմասթըր Ամին Թապաթապայէ, որ ապահովեց 6 կէտ:
5,5 կէտով երկրորդ դիրքը գրաւեց Հայկ Մարտիրոսեան, որ ստացաւ 1,1 միլիոն դրամ պարգեւավճար:
5 կէտով լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Շանթ Սարգսեան, որ ստացաւ 800 հազար դրամ:


