Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան (20 տարեկանէն վար) ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի մարզիկները իրենց տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ տիրացան ոսկի մետալներու:
70 քկ դասակարգին մէջ, Հայկ Պապիկեան, որ աւարտականին մրցեցաւ ազրպէյճանցի Սապիր Ջաֆարովի դէմ, արձանագրելով 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը, հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Մետալներու պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին Հայաստանի քայլերգին ժամանակ Ճաֆարով վար իջաւ պատուոյ հարթակէն:
Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնը տեղւոյն վրայ բողոք ներկայացուց Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնին, եւ ազրպէյճանցի մարզիկը որակազրկուեցաւ, անկէ խլուեցաւ մետալը եւ ան հեռացուեցաւ: Տեղի ունեցաւ նոր պարգեւատրում:
Նշենք, որ Հայկ Պապիկեան կիսաւարտականին 12-2 արդիւնքով յաղթած էր հունգարացի Մարցել Նակիին:
Իր կարգին, ոսկի մետալի տիրացաւ Մուշեղ Մկրտչեան, որ 79 քկ դասակարգին մէջ, աւարտականին 9-4 արդիւնքով յաղթեց վրացի Օթարի Ատեյիշվիլիին:
Կիսաւարտականին Մկրտչեան 3-1 արդիւնքով յաղթեց ազրպէյճանցի Սապուհի Ամիրասլանովին:
57 քկ դասակարգին մէջ, Յարութիւն Յովհաննիսեան, թէեւ հասաւ աւարտական հանգրուանին, սակայն 9-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով իտալացի իր մրցակիցէն, բաւարարուեցաւ արծաթ մետալով:


