Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան (20 տարեկանէն վար), Հայաստանի ներկայացուցիչ Սուրէն Աղաջանեան հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան, 60 քկ դասակարգին մէջ 6-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր վրացի մրցակիցին` Տմիթրի Խաչիցէին:
67 քկ դասակարգի մրցումներուն աւարտականին, Աշոտ Խաչատրեան չկրցաւ տիրանալ ոսկի մետալին եւ 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով վրացի Նիքա Պրոլացէէն, բաւարարուեցաւ արծաթէ մետալով:
Նշենք, որ նախանցեալ օր Հայաստանի համար պրոնզէ մետալներ ապահոված էին` Վիգէն Նազարեան (87 քկ) եւ Ալպերթ Վարդանեան (130 քկ):


