Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ 16 տարեկանէն վար աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան (Բ. դասակարգ) կիսաւարտական հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ազգային խումբը 15 կէտի տարբերութեամբ` 78-63 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սուրիայէն:
Այս պարտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Լիբանան չկարենայ ապահովել Ա. դասակարգի իր տոմսը եւ այժմ պիտի պայքարի երրորդ դիրքին համար:
Երրորդ-չորրորդ դիրքի մրցումին, Լիբանան այսօր` հինգշաբթի, 30 յունիսին պիտի մրցի Ֆիլիփեան կղզիներուն դէմ, ժամը 15:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):