Յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Լանքասթըր Թամար» պանդոկին մէջ (Հատաս), Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը անդրադարձաւ 3-6 յուլիսին Արեւմտեան Ասիոյ աթլեթիզմի երիտասարդներու (20 տարեկանէն վար) տղոց եւ աղջկանց 2-րդ ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Ժամհուր վարժարանին մէջ:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, պիտի մասնակցին տասը երկիրներ:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան լիբանանցի բարձրաստիճան զինուորականներ, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին անդամները, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:
Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ յայտնեց, որ առաջին ախոյեանութեան նման, որ տեղի ունեցաւ 2019-ին, նոյն վայրին մէջ, լիբանանցի մարզիկները իրենց ամէն կարելին պիտի ընեն դարձեալ տիրանալու առաջնութեան:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան Լիբանանը պիտի ներկայացնեն 40 մարզիկներ (19 տղաք եւ 21 աղջիկներ):