Լոնտոնեան Չելսիի եւ Պելճիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքու վերադարձաւ Ինթեր Միլան:
Կողմերը կնքեցին մէկ տարուան վարձակալութեան պայմանագրութիւն, յայտնեց Իտալական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Լուքաքու նախորդ ամառ փոխան 115 միլիոն եւրոյի Ինթերէն տեղափոխուած էր Չելսի, որուն հետ նախորդ տարեշրջանին կատարեց 44 մրցում, նշանակեց 15 կոլ եւ կատարեց 2 էսիսթ:
Նշենք, որ Լուքաքուի պայմանագրութիւնը լոնտոնեան ակումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2026: