Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, Եուվենթուս կրցած է համաձայնութեան գալ արժանթինցի միջնապահ Անխել Տի Մարիայի հետ:
Նշուեցաւ, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենէն հեռացած եւ այժմ իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ նկատի առնուող 34 տարեկան Տի Մարիա մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի կնքէ իտալական ակումբին հետ:
Ան տարեշրջանի մը համար պիտի ստանայ 6 միլիոն եւրօ, որուն վրայ կրնան աւելնալ անոր ստանալիք յաւելավճարները:
Այս գծով Եուվենթուս պաշտօնական յայտարարութիւն մը պիտի հրապարակէ յառաջիկայ շաբաթ:
2015-ին անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտէն Սեն Ժերմեն տեղափոխուած Տի Մարիա մայրաքաղաքի կազմին հետ 197 մրցումի ընթացքին նշանակեց 56 կոլ:


