Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցող «Ուիմպըլտըն»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ, որ տիրացած է 20 կրան շլեմի մրցաշարքերու տիտղոսներու, ապահովեց Գ. հանգրուանի իր տոմսը` 6-1, 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք 79-րդ դասուած աւստրալիացի Թանասի Քոքինաքիսի, 2 ժամ տեւած պայքարէ մը ետք:
Ճոքովիչ, որ այսպիսով այս մրցաշարքին գծով արձանագրեց իր 23-րդ յաջորդական յաղթանակը, Գ. հանգրուանին իրեն մրցակից պիտի ունենայ իր ազգակիցը` Միոմիր Քեցմանովը, որ Բ. հանգրուանին իր յաղթանակը արձանագրեց չիլիցի Ալեխանտրօ Թապիլոյի դէմ:
Նշենք, որ Ճոքովիչ, որ մրցաշարքին գործող ախոյեանն է, վեց անգամ տիտղոսակիր դարձած է Անգլիոյ մէջ:
Այս տարի մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 40,3 միլիոն սթերլինկ:


