– Սուրէն Աղաջանեան Եւ Աշոտ Խաչատրեան Ապահովեցին Աւարտականի Իրենց Տոմսերը
– Ալպերթ Վարդանեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ շարունակուող Եւրոպայի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան (20 տարեկանէն վար) ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սուրէն Աղաջանեան, որ 60 քկ դասակարգին մէջ երէկ մրցեցաւ ազրպէյճանցի Նիհատ Զահիտ Մանատլիի դէմ, արձանագրելով 9-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր իրեն մրցակից պիտի ունենայ վրացի Տմիթրի Խաչիցէն:
Աւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ Աշոտ Խաչատրեան, որ 67 քկ դասակարգին մէջ կիսաւարտականին 4-1 արդիւնքով յաղթեց ուքրանացի Մարիան Հոպուլովսքիի:
Ան քառորդ աւարտականին 9-0 արդիւնքով յաղթեց իր թուրք մրցակիցին` Օնուր Եուրթատային:
Գերծանր դասակարգին մէջ 3-րդ դիրքի մրցումին Հայաստանի ներկայացուցիչ Ալպերթ Վարդանեան յաղթելէ ետք իր թուրք մրցակիցին` Թալիփ Չիֆթչիին, արժանացաւ պրոնզ մետալին:
Նախքան իր այս յաղթանակը արձանագրելը, Վարդանեան յաղթած էր Չեխիան ներկայացնող Արթուր Սարգսեանին:


