Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ամփոփեց «ՎԻՊԵԹ» Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան «Փրեմիեր Լիկ»-ի 2021-2022 տարեշրջանի լաւագոյն մարզիչի ընտրութեան քուէարկութեան արդիւնքները:
Իբրեւ լաւագոյն մարզիչ ճանչցուեցաւ ախոյեան Փիւնիկ Երեւանի գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան, որ ապահովեց 97 կէտ:
61 կէտով երկրորդ դիրքին վրայ յայտնուեցաւ Նորավանքի մարզիչ Վահէ Գէորգեան:
Իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց նախորդ տարեշրջանին Արարատ-Արմենիան գլխաւորած, իսկ այժմ Ուրարտուն գլխաւորող Տմիթրի Կունքօ:
Ինչ կը վերաբերի լաւագոյն ֆութպոլիստին, առաջին հանդիսացաւ տարեշրջանը Փիւնիկի հետ սկսած եւ այժմ Արարատ-Արմենիա տեղափոխուած Ուկօ Ֆիրմինօ (58 կէտ):
56 կէտով երկրորդ հանդիսացաւ տարեշրջանը Արարատի եւ Փիւնիկի հետ ամբողջացուցած Սերժ Տեպլէ:
Իսկ 28 կէտով երրորդ հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Արարատի յետսապահ Հրայր Մկոյեան:


