Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերուն սկիզբէն երեք շաբաթ առաջ պատրաստութիւնները արդէն իսկ ամբողջացած են` 20-30 յուլիս 2022-ին Հայաստանի մէջ յիշատակելի մարզախաղեր կատարելու համար. յստակացած են մարզախաղերուն մասնակցող 20 պատուիրակութիւնները` 19-ը ՀՄԸՄ-ական շրջաններ եւ Թեհրանի ՀՄԱԿ-ը: Կատարուած է նաեւ հաւաքական մարզախաղերու մրցումներուն առցանց վիճակաձգութիւնը, ինչպէս նաեւ ճշդուած են մրցակից խումբերը:
Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը 41 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, յայտագիրի վրայ ունին 12 մարզախաղեր. ֆութպոլ, ֆութսալ, պասքեթպոլ, վոլիպոլ, փինկ-փոնկ, թենիս, աթլեթ, ճատրակ, լող, կոլֆ, ծովափի վոլիպոլ եւ 3×3 պասքեթպոլ: Վերջին երեք մարզախաղերը կը կիրարկուին առաջին անգամ ըլլալով: Նաեւ, առաջին անգամ ըլլալով յայտագիրի վրայ են յատուկ խնամքի կարօտ պատանիներու եւ երիտասարդներու մարզախաղեր` «Հրաշք» անունով:
Յատկանշական է, որ այս մարզախաղերուն առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցին ՀՄԸՄ-ի Արցախի, Թիֆլիսի, Ամմանի, Միւնիխի եւ Սթոքհոլմի շրջանները:
Մարզախաղերուն բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը կը կատարուի 22 յուլիսին` «Հայ մարզիկի օր»-ը, հրապարակային մեծաշուք հանդիսութեամբ մը, որ ուղղակիօրէն կը սփռուի ընկերային ցանցերով: Ուղղակի կը սփռուին նաեւ մարզախաղերու մասնակիցներուն Ծիծեռնակաբերդ եւ Եռաբլուր այցելութիւնները, աւարտական մրցումները եւ փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Մարզախաղերուն մասնակցելու համար Հայաստան պիտի այցելեն 600 մարզիկ-մարզիկուհիներ, մարզիչներ եւ մարզական պատասխանատուներ: Անոնց կողքին, յատուկ խնամքի կարօտ 200 պատանիներ եւ երիտասարդներ կը կատարեն «Հրաշք» խաղերը եւ կը մասնակցին պաշտօնական բացման հանդիսութեան:
Ստորեւ` հաւաքական մարզախաղերու մասնակից շրջաններուն ընդհանուր պատկերը.-
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ ԵՐԷՑ ՏՂԱՔ
Ա. ԽՄԲԱԿ
1.- Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (1)
2.- Լիբանան
3.- ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ
4.- Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ (2)
Բ. ԽՄԲԱԿ
1.- Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ (1)
2.- Աւստրալիա
3.- Սուրիա
4.- Թեհրանի ՀՄԱԿ
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ ԵՐԷՑ ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1.- Աւստրալիա (1)
2.- Աւստրալիա (2)
3.- Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (1)
4.- Լիբանան
5.- Սուրիա
ՖՈՒԹՊՈԼ
Ա. ԽՄԲԱԿ
1.- Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (1)
2.- Աւստրալիա
3.- Թիֆլիս
4.- Հարաւային Ամերիկա
Բ. ԽՄԲԱԿ
1.- Երուսաղէմ
2.- ՀՄԸՄ-Ֆրանս
3.- Սուրիա
4.- Լոնտոն
ՎՈԼԻՊՈԼ ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1.- Հարաւային Ամերիկա
2.- Արցախ
3.- ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (1)
4.- ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (2)
ՖՈՒԹՍԱԼ ՏՂԱՔ
Ա. ԽՄԲԱԿ
1.- Լիբանան
2.- Մարսէյ (2)
3.- Սթոքհոլմ
4.- Սուրիա
5.- Երուսաղէմ
Բ. ԽՄԲԱԿ
1.- Հարաւային Ամերիկա
2.- ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ
3.- Քանատա
4.- Աւստրալիա
5.- Մարսէյ (1)
ՖՈՒԹՍԱԼ ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1.- Աւստրալիա
2.- Հարաւային Ամերիկա
3.- Քանատա
4.- ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ 3×3 ՏՂԱՔ
Ա. ԽՄԲԱԿ
1.- ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (1)
2.- Լիբանան
3.- ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (2)
4.- Լոնտոն
Բ. ԽՄԲԱԿ
1.- ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (3)
2.- Քանատա
3.- Սուրիա
4.- ՀՄԸՄ-Ֆրանս
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ 3×3 ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1.- Լիբանան (1)
2.- Լիբանան (2)
3.- Սուրիա
ԾՈՎԱՓԻ ՎՈԼԻՊՈԼ ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1.- Քանատա
2.- ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (1)
3.- ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (2)
4.- ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (3)
Անհատական մարզախաղերու պարագային, շրջաններու մասնակցութեան պատկերը կը պարզէ հետեւեալը.
Աթլեթ.- Պաղտատ, Աւստրալիա, Լիբանան, Հարաւային Ամերիկա, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ, Արցախ եւ Լոնտոն:
Թենիս.- Պաղտատ, Աւստրալիա, Լիբանան, Հարաւային Ամերիկա, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ:
Փինկ-փոնկ.- ՀՄԸՄ-Ֆրանս, Պաղտատ, Սթոքհոլմ, Քանատա, Լիբանան, Հարաւային Ամերիկա, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ, Արցախ, Թիֆլիս:
Լող.- Աւստրալիա, Հարաւային Ամերիկա, Լոնտոն:
Ճատրակ.- Պաղտատ, Միւնիխ, Քանատա, Լիբանան, Հարաւային Ամերիկա, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ, Թիֆլիս, Լոնտոն, Սուրիա:
Կոլֆ.- Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Հարաւային Ամերիկա, Մարսէյ: