Ամերիկացի գործարարներ Կլէյզերներու ընտանիքը, պատրաստ է ծախելու Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆութպոլի ակումբը, եթէ ստանայ 4,35 միլիառ եւրոյէն (3,75 միլիոն փաունտ) սկսեալ առաջարկ մը, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը:
Մանչեսթըրեան ակումբը ձեռք ձգելու ցանկութիւն ունին Անգլիոյ ամէնէն հարուստ մարդը նկատուող` Ճիմ Ռետքլիֆ եւ Տուպայի մէջ գտնուող ներդրումներու հիմնադրամը:
69 տարեկան Ռետքլիֆ 2019-ին 100 միլիոն եւրոյով ձեռք ձգեց ֆրանսական Նիս Ֆութպոլի ակումբը:
Նշենք, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Մանչեսթըր 12 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը:


