Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Ժիրայր Շաղոյեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Պուլկարիոյ մէջ:
Նշուեցաւ, որ 21 տարեկան Շաղոյեան Երեւանի Արարատ-Արմենիայէն միացաւ Սոֆիայի բանակայիններուն, յայտնեց պուլկարական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ան նախորդ տարեշրջանին փոխ տրուած էր Երեւանի Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբին:
Ներկայիս անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 250 հազար եւրոյով:


