Հայաստանի ֆութպոլի աղջկանց ախոյեանութեան մասնակից Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիս համայնքի Կարճաղբիւր գիւղի Ա. Գրիգորեանի անուան միջնակարգ դպրոցի 12 տարեկանէն վար խումբը իր կատարած բոլոր` 19 մրցումներուն յաղթանակ արձանագրելով, գրաւեց առաջին դիրքը:
Այս յաջողութեան առիթով, խումբին անդամները, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ արժանացան ոսկի մետալներու եւ բաժակներու:
Իր կարգին, ֆութպոլիստներուն պատուոյ գիրեր տուաւ Վարդենիս համայնքի ղեկավար` Ահարոն Խաչատրեան:
Նշենք, որ Կարճաղբիւր-1 խումբը իր այս յաջողութեան հասաւ մարզիչ Նաիրի Աւետիսեանի գլխաւորութեամբ:


