Գերմանական մարզական մամուլին համաձայն, Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն Լայփցիկ կը մտածէ իր մարզիչը պաշտօնազրկելու մասին:
Նշուեցաւ, որ ակումբին պատասխանատուները կը մտածեն պաշտօնանկ ընել Տոմենիքօ Թետեսքոն` իրավիճակը շտկելու համար:
«Պունտըսլիկա»-ի 5-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Լայփցիկ ընդամէնը ապահոված է 5 կէտ, առաւելագոյն 15 կէտէն:
Նշենք, որ այսօր Լայփցիկ կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք ուքրանական Շախտիոր Տոնեցքի դէմ («Չեմփիընզ Լիկ»):


