Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին յայտնեց, որ Հայաստանի արհեստավարժ կռփամարտի հաւաքականը Գիւմրիի մէջ աւարտեց իր ուսումնամարզական հաւաքը:
Հայրենի հաւաքականը այժմ պիտի մեկնի Մեքսիքա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար արհեստավարժ մենամարտերու, միջազգային փորձառու մարզիկներու դէմ:
Հաւաքականը Գիւմրիի մէջ իր հաւաքը կատարեց մարզիչ Գարիկ Բաղդասարեանի գլխաւորութեամբ:
Ֆետերասիոնը յաջողութիւն մաղթեց հայրենի կռփամարտիկներուն` յոյս յատնելով, որ անոնք Մեքսիքայի մէջ կը յաջողին պատուաբեր արդիւնքներ արձանագրել եւ ունենալ միջազգային աւելի լայն փորձառութիւն: