Եուվենթուսի իտալացի մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլեկրի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Փոլ Փոկպայի վերադարձը կ՛ակնկալէ յառաջիկայ տարի` յունուարին:
Փոկպա, որ ծունկի վնասուածք մը ունի, համաձայն գտնուած է, որ շուտով վիրաբուժութեան ենթարկուի, որուն պատճառով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Ալլեկրի ըսաւ, որ ինք կը խօսի Եուվենթուսէն անոր բացակայութեան մասին, մինչ Ֆրանսայի ազգային խումբէն անոր բացակայութեան մասին ոչինչ կրնայ ըսել, մանաւանդ 2022-ի Մոնտիալին մասնակցութեան գծով:
Նշենք, որ Փոկպա իր վնասուածքը ստացած էր նախորդ յուլիսին` փորձերու ընթացքին:
Սկզբնական շրջանին ան համաձայն չէր վիրաբուժութեան ենթարկուիլ, որպէսզի չբացակայի Մոնտիալէն, սակայն այլընտրանք չունենալով որոշեց ի վերջոյ ենթարկուիլ վիրաբուժութեան:


