Կազմակերպութեամբ «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի միջազգային ռելին` հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:
Քաթարցի փորձառու վարորդ Նասեր Սալեհ Աթիէ, ֆրանսացի իր օգնականին` Փաթրիք Պոմելի հետ, հանդիսացաւ առաջին` երկրորդ անգամ ըլլալով (առաջին անգամ` 2019-ին), արձանագրելով 1 ժամ 52 վայրկեան եւ 24 երկվայրկեան արդիւնք մը, իր ինքնաշարժին` «Վոլֆսվակըն Փոլօ ՃԻ. ԹԻ. ԱՅ.»-ի հետ:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց Պասել Պու Համտան-Ֆիրաս էլիաս զոյգը, մինչ երրորդ հանդիսացաւ` Թամեր Ղանտուր-Սալիմ Ժըլէյլաթի զոյգը:
Այս ռելիին ընդհանուր երկարութիւնն էր 478,83 քմ:
Նշենք, որ շաբաթ, 3 սեպտեմբերին, ռելիին երկրորդ օրը, լիբանանցի Ռոժէ ֆըղալի, ինքնաշարժի արկած մը ունենալով, քաշուեցաւ անկէ:
Ռելիին աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ նախագահ Աունի ներկայացուցիչ, զբօսաշրջութեան նախարար Ուալիտ Նասսարի եւ կազմակերպիչ ակումբին պատասխանատուներուն: