9-11 սեպտեմբերին Լիթուանիոյ Տրուսքինինքա քաղաքին մէջ վեցերորդ անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի տարեկան մրցաշարքը:
Այս մրցաշարքը, որ տեղի պիտի ունենայ 17-րդ անգամ ըլլալով, կը մասնակցին լրագրողներու 10 խումբեր:
Անոր կը մասնակցին խումբեր Հայաստանէն, Պիելոռուսիայէն, Լիթուանիայէն, Լաթվիայէն, Ուքրանիայէն, Լեհաստանէն, Գերմանիայէն եւ Հունգարիայէն:
Բոլոր խումբերը պիտի մրցին իրարու դէմ` մէկ օրուան ընթացքին իւրաքանչիւր խումբ 9-ական մրցում կատարելով:
Հայաստանի լրագրողներու խումբը այս մրցաշարքին վերջին երկու տարիներուն երկրորդ դիրքը գրաւեց, մինչ նախապէս երեք անգամ գրաւած էր երրորդ դիրքը:


