Հիւսիսային Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ տեղի ունեցող «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի 15 տարեկանէն վար ֆութպոլի զարգացման մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայաստանի, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ, Քոսովոյի եւ Մալեզիոյ 15 տարեկանէն վար հաւաքականները:
Մրցաշարքին առաջին օրը, Հայաստանի հաւաքականը, որ մրցեցաւ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ դէմ, անկէ կրեց 5-1 արդիւնքով պարտութիւն մը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Հայրենի կազմին միակ կոլը նշանակեց Սարգիս Գասպարեան:
Իսկ միւս մրցումին, Քոսովօ եւ Մալեզիա, իրարու հետ արձանագրեցին 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Կարէն Աւոյեան:


