– Տիտղոսակիր Մետվետեւ
Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն
Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Դ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, աշխարհի ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող ռուս Տանիիլ Մետվետեւ, որ անցեալ տարուան տիտղոսակիրն է, դուրս մնաց մրցաշարքէն` 6-7, 6-3, 3-6 եւ 2-6 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով աւստրալիացի Նիք Քիրկիոսէն (դասուած` 23-րդ):
Այս մրցաշարքին աւարտէն ետք, թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարուելիք նոր դասաւորման մէջ, Մետվետեւ պիտի կորսնցնէ պարագլուխի իր դիրքը:
Անոր փոխարէն առաջին դիրքը գրաւելու յոյս ունին Ռաֆայէլ Նատալ (3-րդ), Քարլոս Ալքարաս (4-րդ) եւ Քասփեր Ռուուտ (7-րդ):
Առաջին անգամ ըլլալով այս մրցաշարքին գծով քառորդ աւարտականի իր տոմսը ապահովեց ռուսահայ Կարէն Խաչանով (27-րդ)` սպանացի Փապլօ Քարենիօ Պուսթայի (12-րդ) դէմ արձանագրելով 4-6, 6-3, 6-1, 4-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 3 ժամ եւ 23 վայրկեան:
Քառորդ աւարտականի մրցումներուն, Խաչանով իր դէմ պիտի ունենայ նոյնինքն Քիրկիոսը:


