Նախորդ շաբաթավերջին մեկնարկը տրուեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի Ա. եւ Բ. դասակարգերու ախոյեանութիւններուն, երբ կատարուեցան Ա. հանգրուանի մրցումները:
Ստորեւ` կու տանք մրցումներուն թեքնիք արդիւնքները.
Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ
Նըժմէ-Սաժես` 2-0, Պըրժ-Սալամ Զղարթա` 2-1, Ահտ-Ախա Ահլի Ալէյ` 2-1, Անսար-Շապապ Սահել` 2-2, Սաֆա-Շապապ Ղազիէ` 1-1, Թատամոն Սուր-Թրիփոլի` 0-0:
Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ
Պընթ Ժըպէյլ-Ռիատի Ապպասիէ` 2-1, Ահլի Նապաթիէ-Սփորթինկ Ռիատի` 1-0, Ռասինկ-Ահլի Սայտա` 2-0, Նահտա Պար Էլիաս-Շապապ Պըրժ` 1-0, Շապապ Պաալպեք-Մապարրա` 1-1, Իժթիմահի-Իսլահ Պըրժ Շիմալի` 1-1:
Ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց Բ. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը. անոնք կը սկսին ուրբաթ, 9 սեպտեմբերին:
Անսարի նախագահ Նեպիլ Պատըրին ուղղուեցաւ կարգապահական բնոյթի ազդարարագիր մը:
Պըրժ 3 միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ, մինչ Պընթ Ժըպէյլ եւ Ռիատի Ապպասիէ` երկուքուկէսական միլիոն լիբանանեան ոսկիի:
Ֆետերասիոնին երէկուան ժողովին կախակայումներու եւ տուգանքներու շարքը եղաւ բաւական երկար: