«Եւրօ Պասքեթպոլ – 2022». Սպանիա Հանդիսացաւ Եւրոպայի Ախոյեան
Նախորդ շաբաթավերջին Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի տղոց պասքեթպոլի 2022-ի ախոյեանութիւնը («Եւրօ-Պասքեթպոլ-2022»), երբ կատարուեցաւ աւարտական հանգրուանի մրցումը, Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ միջեւ: Արձանագրելով 88-76 արդիւնքով յաղթանակ մը, Սպանիա հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան: Յաղթական կազմէն 27 կէտ նշանակեց Խուան Հերնանկոմես, իսկ Ֆրանսայէն 23 կէտ` Իվան Ֆուրնիէ: Այսպիսով, Սպանիա իր պատմութեան մէջ չորրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին (նախապէս` 2009-ին, 2011-ին եւ...




















