Կազմակերպութեամբ Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա ակումբին (Հատաս), նախորդ շաբաթ տեղի ունեցաւ փինկ փոնկի տարիքային մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանցի բազմաթիւ երկսեռ մարզիկներ:
Այս մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ական Լոռի Եահնիեան:
Ան իր արձանագրած բաւական տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ յաջողեցաւ գրաւել մրցանակային դիրք մը` հանդիսանալով երկրորդ:
Ասկէ բացի, Լոռի Եահնիեան տիրացաւ նաեւ մաքուր եւ տիպար մարզիկի կոչումին: