Ռումանիոյ Մամայա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի պատանեկան ախոյեանութեան 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց մրցումներուն, Հայաստանի ախոյեան, ազգային հաւաքականի անդամ Մարիամ Մկրտչեան 18 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ արձանագրեց իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը եւ այժմ 7 կէտով միանձնեայ յառաջատարն է:
7-րդ հանգրուանին ան երէկ սեւ քարերով 68-րդ շարժումին պարտութեան մատնեց սպանացի Մարիա Էյսակուերին:
Մկրտչեանէն մէկ կէտով ետ կը մնայ եւ երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Այան Ալլահվերտիեւա (Ազրպէյճան):
Մկրտչեան այսօր ճերմակ քարերով կը մրցի նոյնինքն Ալլահվերտիեւայի դէմ:
Նշենք, որ ախոյեանութեան աւարտին մնացած է չորս հանգրուան միայն:


