Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրը եղաւ Օկզպուրկին, կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` 1-0 արդիւնքով:
Հիւրընկալ կազմը իր կոլը նշանակեց մրցումին 59-րդ վայրկեանին, շնորհիւ գերմանացի յառաջապահ Մերկիմ Պերիշայի (59-րդ):
Դասաւորման առաջին դիրքը կը գրաւէ Իւնիոն Պերլին, որ ցարդ անպարտելի միակ խումբն է: Անիկա այս հանգրուանին 2-0 արդիւնքով յաղթեց Վոլֆսպուրկին:
Իւնիոն Պերլին, որ այժմ ունի 17 կէտ, երկու կէտի առաւելութեամբ կը գերազանցէ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Պորուսիա Տորթմունտին, որ իր յաղթանակը արձանագրեց Շալքէի դէմ, 1-0 արդիւնքով:


