Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի կրկնակի ախոյեան Արսէն Յարութիւնեան երկրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալին:
Արդարեւ, Սերպիոյ մէջ իր աւարտին մօտեցող աշխարհի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան 61 քկ դասակարգի մրցումներուն, ան 12-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ամերիկացի Սետ Անթոնի Կրոսի դէմ, գրաւեց երրորդ դիրքը:
Նշենք, որ ան նախապէս պրոնզէ մետալակիր դարձած էր 2021-ին, Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան:
Այսպիսով, Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը իր ելոյթները աւարտեց` տիրանալով միայն մէկ պրոնզ մետալի մը:


