«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի Պատանեկան լիկային առաջին անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը բերող Փիւնիկ Երեւանի 18 տարեկանէն վար խումբը, որ իր կատարած առաջին մրցումին հիւրը եղաւ ֆրանսական Նանթին, անկէ կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը (կիսախաղ` 0-0):
Հիւրընկալ կազմը իր երկու կոլերը նշանակեց 52-րդ եւ 63-րդ վայրկեաններուն:
Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 5 հոկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ եւ պիտի սկսի ժամը 18:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով):


