Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականի նախկին անդամ Լեւոն Արոնեան աւարտեց իր ելոյթը «Սինքուեֆիլտ-Քափ»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին գծով:
Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՖԻՏԷ-ի դասաւորման տասը յառաջատարները:
9-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Արոնեան, որ մրցեցաւ ազրպէյճանցի Շահրիար Մամետեարովի դէմ, անոր հետ արձանագրեց հաւասարութիւն մը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Արոնեան գրաւեց 7-րդ դիրքը, 3,5 կէտով:
Տիտղոսակիր դարձաւ Ֆրանսան ներկայացնող 19 տարեկան Ալիրեզա Ֆիրուճա, որ յաղթեց ՖԻՏԷ-ի դրօշին տակ հանդէս եկող Իան Նեփոմնիաչիին (թայպրէյքով):
Նշենք, որ մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէր 1,4 միլիոն ամերիկեան տոլար:


