Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի սամպոյի ախոյեանութեան, որ կը կատարուի երեք տարիքային խումբերով (պատանիներ, երիտասարդներ եւ մեծեր), առաջին օրը իրենց ելոյթներուն սկսան պատանիները:
Հայաստանի հաւաքականին չորս անդամներ անոր մեկնարկին յաջողեցան տիրանալ մետալներու:
Գերծանր դասակարգին մէջ, Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացաւ Էրիկ Սաղաթէլեան, որ իր կատարած բոլոր մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրեց:
Ռոպերթ Պետրոսեան (53 քկ) եւ Աղուան Պետրոսեան (98 քկ) տիրացան արծաթ մետալի, իսկ Աննա Այվազեան (47 քկ)` պրոնզ մետալի:
Երէկ` կիրակի, 18 սեպտեմբերին աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Արսէն Խանջեան, իր կարգին հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան, 98 քկ դասակարգին մէջ, աւարտականին 3-1 արդիւնքով յաղթելով ռուս Վիաչեսլաւ Միխայլինի:
58 քկ դասակարգին մէջ Համլեթ Սուքիասեան տիրացաւ արծաթ մետալի, մինչ 64 քկ դասակարգին մէջ Մաքսիմ Մանուկեան Հայաստանի համար ապահովեց պրոնզ մետալ մը:
Ինչ կը վերաբերի երիտասարդական ախոյեանութեան, Աշիկ Անդրէեան (58 քկ) եւ Գոռ Յարութիւնեան (88 քկ) տիրացան ոսկի մետալներու, մինչ պրոնզէ մետալակիրներ դարձան Արփինէ Մնացականեան (50 քկ), Նարեկ Ամիրեան (71 քկ), Գրիգոր Բեկնազարեան (98 քկ) եւ Նորիկ Խուրշուդեան (98 քկ եւ վեր):