Երէկ` երկուշաբթի, 12 սեպտեմբերին, իր աւարտին հասաւ Նիւ Եորքի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցող թենիսի «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը:
Տղոց աւարտական մրցումին, 3-րդ դասուած սպանացի Քարլոս Ալքարաս Կարֆիա տիրացաւ տիտղոսին` 6-4, 2-6, 7-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթելով 5-րդ դասուած նորվեկիացի Քասփեր Ռուտին, որ դասուած է 5-րդ:
Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 3 ժամ եւ 20 վայրկեան:
19 տարեկան Ալքարաս, որ թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով է, որ կրան շլեմի մրցաշարքի մը տիտղոսակիրը կը դառնայ, թենիսի միջազգային դասաւորման կողմէ երէկ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ գրաւեց առաջին դիրքը:
Ան այսպիսով թենիսի պատմութեան մէջ կը հանդիսանայ ամէնէն երիտասարդ մարզիկը, որ կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը:


