Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, երէկ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Սլովաքիոյ ախոյեան Սլովան Պրաթիսլաւան:
Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած կազմը արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը` շնորհիւ միջնապահ Արտակ Դաշեանի (35-րդ) եւ նիկերիացի յառաջապահ Եուսուֆ Օթուպանժոյի (36-րդ) նշանակած կոլերուն:
Նշենք, որ Սլովանի կազմին հետ դաշտ ներկայացաւ եւ ամբողջ մրցումին մասնակցեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան:
Այսպիսով, Փիւնիկ Երեւան հանդիսացաւ հայկական առաջին ակումբը, որ յաղթանակ արձանագրեց այս մրցաշարքին գծով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Փիւնիկ այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 3 կէտ, մինչ Ը. խմբակին պարագլուխի դիրքը 6 կէտով կը գրաւէ Պալ խումբը (Զուիցերիա):