Ռոնալտօ Մերժեց Արաբական Ակումբի Մը Շատ Մեծ Առաջարկը
Մանչեսթըր Եունայթըտի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ մերժեց Սէուտական Արաբիան ներկայացնող ակումբներէն մէկուն առաջարկը, այս մասին յայտնեց անգլիական «Միրըր»-ը: Աղբիւրին համաձայն, այդ ակումբը, որուն անունը չի յայտարարուիր, Ռոնալտոյին ներկայացուցած է տարեկան 240 միլիոն եւրօ աշխատավարձ, ինչ որ զայն պիտի դարձնէր աշխարհի ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստը: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Ռոնալտօ բաւական դժգոհ է իրեն տրամադրուած շատ քիչ խաղաժամանակէն, ինչ որ յաւելեալ...




















