Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, որ 2024-ի աշխարհի ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ նախորդ շաբաթավերջին հիւրը եղաւ Պոսնիոյ (Գ. խմբակ), արձանագրեց 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նշենք, որ նոյն այս խմբակին մէջ է նաեւ Չեխիա:
Հայրենի կազմին գլխաւոր մարզիչն է Ռուբէն Նազարէթեան: