Նախորդ շաբաթավերջին Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի տղոց պասքեթպոլի 2022-ի ախոյեանութիւնը («Եւրօ-Պասքեթպոլ-2022»), երբ կատարուեցաւ աւարտական հանգրուանի մրցումը, Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ միջեւ:
Արձանագրելով 88-76 արդիւնքով յաղթանակ մը, Սպանիա հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Յաղթական կազմէն 27 կէտ նշանակեց Խուան Հերնանկոմես, իսկ Ֆրանսայէն 23 կէտ` Իվան Ֆուրնիէ:
Այսպիսով, Սպանիա իր պատմութեան մէջ չորրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին (նախապէս` 2009-ին, 2011-ին եւ 2015-ին):
Երրորդ դիրքի մրցումին Գերմանիա 82-69 արդիւնքով յաղթեց Լեհաստանին:
Նշենք, որ «Եւրօ պասքեթպոլ-2022»-ի խմբային հանգրուանը տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ, Վրաստանի, Չեխիոյ եւ Իտալիոյ մէջ` մասնակցութեամբ 24 խումբերու:


