Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան 97 քկ դասակարգի աւարտական հանգրուանի ճակատումին, երէկ` երկուշաբթի, 12 սեպտեմբերին, Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ, ողիմպիական խաղերու ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեանութեան քառակի ախոյեան:
Հայրենի ըմբիշը, որ մրցեցաւ պուլկարացի Քիրիլ Միլենովի դէմ, արձանագրեց 5-1 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը:
Այստեղ նշենք, որ Արթուր Ալեքսանեան Ռիօ-2016-ի ոսկիէ, Թոքիօ-2020-ի արծաթէ եւ Լոնտոն-2012-ի պրոնզէ մետալակիր է: Ան աշխարհի ախոյեան հանդիսացած է 2014-ին, 2015-ին եւ 2017-ին, երկու անգամ` աշխարհի արծաթէ մետալակիր (2013 եւ 2019), հինգ անգամ` Եւրոպայի ախոյեան (2012, 2013, 2014, 2018 եւ 2020), իսկ մէկ անգամ ալ` եւրոպական խաղերու ախոյեան:
60 քկ դասակարգի մրցումներուն, Պուլկարիան ներկայացնող Էտմոն Նազարեան երէկ ապահովեց աւարտական հանգրուանի իր տոմսը, յաղթելէ ետք աշխարհի կրկնակի ախոյեան, ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան Քենիչիրօ Ֆումիթայի (Ճափոն):
Նազարեան, որ քառորդ աւարտականին յաղթեց ազրպէյճանցի Մուրատ Մամատովին, 2-1 արդիւնքով, այսօր կը կատարէ աւարտականի իր մրցումը` մրցելով Ժոլաման Շարշենպեքովի դէմ (Խըրխըզիստան):
Իսկ Հայաստանի հաւաքականի անդամ Հրաչեայ Պօղոսեան, որ երէկ 63 քկ դասակարգին մէջ մենամարտեցաւ պրոնզէ մետալի համար, 10-4 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Թալեհ Մամատովէն (Ազրպէյճան):


