«Ստորակէտ» ճարտարապետական արուեստանոցը ներկայացուց Ալպերթ Ազարեանի անուան մարմնամարզութեան մարզադպրոցի նոր մասնաշէնքի նախագիծը:
Նոր մասնաշէնքը նախատեսուած էր Կենտրոն վարչական շրջանի արեւմտեան մասին` Ծիծեռնակաբերդի բարձունքի հարաւային ստորոտին մէջ, արեւմտեան մասին ձգուող Հրազդան կիրճի մարզական գօտիին մէջ:
Շէնքին հիմնական դահլիճները եւ տարբեր տեսակի բաժանմունքները ծածկուած պիտի ըլլան մէկ ընդհանուր տանիքի տակ, որ կարելիութիւն պիտի ընձեռէ ունենալու ընդհանուր օդափոխութեան համակարգ եւ դիտակէտեր` ամէն անկիւնէն:
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան յայտնեց, որ 2024-2025 ժամանակամիջոցին կը նախատեսուի մարմնամարզութեան երկու մարզադպրոց շահագործման յանձնել:
«Ալպերթ Ազարեանի անուան մարզադպրոցը նախագծային փուլին մէջ է, եւ շուտով կը սկսի շինարարութիւնը: Հրանտ Շահինեանի անուան դպրոցին մէջ մեծ մասամբ աշխատանքները արդէն կատարուած են: 2024-2025 թուականներուն մենք կ՛ունենանք հիանալի երկու դպրոց, որոնք կը բազմապատկեն մեր յաջողութիւնները` մարմնամարզութեան մէջ», յայտնեց Կարէն Գիլոյեան:


