Հակառակ իր ունեցած շարք մը բացակայ մարզիկներուն, որոնց կարգին` Ուաէլ Արաքժի, Սերճիօ Տարուիշ, Ամիր Սէուտ, Էլի Շամուն, Եուսուֆ Խայեաթ, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը արձանագրեց բաւական կարեւոր յաղթանակ մը` 12 կէտի տարբերութեամբ` 77-65 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Նոր Զելանտան:
Այս մրցումը, որ կ՛իյնայ աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, տեղի ունեցաւ Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանի «Փիեռ Ժեմայել»-ի մարզադաշտին վրայ:
Հակառակ անոր որ Լիբանան Ա. կիսախաղին կը պարտուէր 37-31 արդիւնքով, սակայն Լիբանանի մարզիչ Ժատ Հաժ Բ. կիսախաղին յաջողեցաւ ճնշում բանեցնելով իր մրցակիցին վրայ, արձանագրել բաւական կարեւոր յաղթանակ մը:
Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ալի Հայտար (21): Ժատ Խալիլ նշանակեց 11 կէտ, մինչ 10-ական կէտ նշանակեցին Հայկ Կէօքճեան եւ Քարիմ Զէյնուն:
Նշենք, որ վաղը` կիրակի, 13 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 21:00-ին, նոյն վայրին մէջ, Լիբանան կը մրցի Հնդկաստանի դէմ:


