Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի աղջկանց 16 եւ 18 տարեկանէն վար պասքեթպոլի հաւաքականները, Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան հանդէս պիտի գան Վահագն Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ:
Անոր գլխաւորութեամբ Հայաստանի աղջկանց 18 տարեկանէն վար հաւաքականը 2016-ին եւ 2019-ին, հանդիսացաւ Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեան, իսկ 2017-ին աղջկանց 16 տարեկանէն վար հաւաքականը` Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեան եւ աղջկանց 18 տարեկանէն վար հաւաքականը` փոխախոյեան:
Նշենք, որ 2017-ին անոր շնորհուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր մարզիչի պատուոյ կոչում:


