Մեքսիքայի ֆութպոլի ազգային խումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Խեսուս Քորոնա իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել 2022-ի Մոնտիալին:
Հաւաքականին մարզչական խմբակը 29 տարեկան Քորոնան նկատի չուզեց առնել Քաթար մեկնող ֆութպոլիստներու ցանկին մէջ:
Սեւիլլային մաս կազմող ֆութպոլիստը կը շարունակէ ապաքինիլ այս տարի օգոստոսին իր ստացած վնասուածքէն եւ մինչեւ աշխարհի ախոյեանութեան մեկնարկը տրուիլը ապաքինած պիտի չըլլայ:
Գ. խմբակին մաս կազմող Մեքսիքայի մրցակիցները պիտի ըլլան Արժանթին, Սէուտական Արաբիա եւ Լեհաստան:


