Այս ամրան ընթացքին Պայէրն Միւնիխէն Պարսելոնա տեղափոխուած լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով տիրացաւ եւրոպական մրցաշարքի լաւագոյն ռմբաձիգի` «Ոսկիէ խաղակօշիկ»-ի մրցանակին:
Ան նախորդ տարեշրջանին Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») իր կազմին` Պայէրն Միւնիխի հետ 34 մրցումի ընթացքին նշանակեց 35 կոլ եւ ապահովեց 70 կէտ:
Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն նշանակեց 28 կոլ (56 կէտ):
Նշենք, որ Լեւանտովսքի 2021-ին «Ոսկիէ խաղակօշիկ»-ին արժանացած էր Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացքին իր նշանակած 41 կոլին համար:


