Իտալիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Ա. Սէ. Միլանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբի թեքնիք տնօրէն Իվան Կազիտիս պիտի հեռանայ իր պաշտօնէն:
Նշուեցաւ, որ ան իր պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մինչեւ 5 դեկտեմբեր, որմէ ետք պիտի չերկարաձգէ իր պայմանագրութիւնը:
58 տարեկան Կազիտիս, որ 2018-էն ի վեր Ա. Սէ. Միլանի հետ է, թէեւ ծնած է Ճոհանեսպուրկի մէջ (Հարաւային Ափրիկէ), սակայն ունի նաեւ Յունաստանի քաղաքացիութիւն:


