Անգլիոյ ֆութպոլի Լիկայի բաժակի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներուն, կարգ մը զօրաւոր նկատուող կազմեր պարտութիւն կրելով իրենց մրցակիցներէն, դուրս մնացին մրցաշարքէն:
Պարտութիւն կրողներուն կարգին եղան Չելսի, Թոթենհամ, Էվըրթըն, Քրիսթալ Փալաս, Ուեսթ Համ եւ ուրիշներ:
Դ. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ, կարգ մը ճակատումներ, որոնց կարգին` Մանչեսթըր Սիթի-Լիվըրփուլ մրցումը, պիտի ըլլան բաւական կարեւոր:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան 19-էն 22 դեկտեմբերին:
Նշենք, որ նախորդ տարուան տիտղոսակիրն է` Լիվըրփուլ: