«Սոթըպայս»-ի աճուրդին, որ տեղի ունեցաւ Զուիցերիոյ մէջ, վաճառուեցաւ անուանի գերմանացի վարորդ Միքայէլ Շումախըրի «Ֆեռարի» «ԷՖ.2003-ՃԻ.ԷՅ.» ինքնաշարժը, որուն հետ ան վեց անգամ հանդիսացած էր «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեան:
Անիկա վաճառուեցաւ մրցանշային գումարով մը… 14,8 միլիոն ամերիկեան տոլարի:
Կը սպասուէր, որ անիկա վաճառուի 9,3 միլիոն ամերիկեան տոլարի, սակայն 40 վայրկեան տեւած աճուրդին ընթացքին անոր գինը հասաւ այդ գումարին:
Նշենք, որ նախկին մրցանիշը կը պատկանէր «Ֆեռարի» «ԷՖ.-2001»-ին, որ հինգ տարի առաջ վաճառուած էր 7,5 միլիոն ամերիկեան տոլարի:


