Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Թիթէ, որ հրապարակեց Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալին մասնակցող իր կազմը, նկատի չառաւ Անգլիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Լիվըրփուլին մաս կազմող յառաջապահ Ռոպերթօ Ֆիրմինոն:
Հակառակ ատոր սակայն, 31 տարեկան Ֆիրմինօ յաջողութիւն մաղթեց ազգային խումբ հրաւիրուած իր խմբակիցներուն` յոյս յայտնելով, որ իր երկիրը անպայման կը յաջողի իր առաքելութեան մէջ եւ վեցերորդ անգամ ըլլալով կը բարձրացնէ աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսը:
Նշենք, որ Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Պրազիլի մրցակիցները պիտի ըլլան Սերպիա, Զուիցերիա եւ Քամերուն (Է. խմբակ):


