Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի այժմէն իսկ սկսաւ փնտռել նոր մարզիչ մը, եթէ պատահի, որ Եոսիփ Կուարտիոլա որոշէ հեռանալ:
Հեռացումը տեղի ունենալու պարագային, մանչեսթըրեան ակումբը մտադիր է Կուարտիոլան փոխարինել Արսենալի այժմու մարզիչ Միկել Արթեթայով:
Սպանացի մասնագէտը անցեալին եղած է Կուարտիոլայի օգնականը` Մանչեսթըր Սիթիի հետ:
Նշուեցաւ, որ թէեւ Սիթի կը փորձէ երկարաձգել Կուարտիոլայի գործող պայմագրութիւնը, սակայն չի բացառուիր նաեւ, որ ան հեռանայ կազմէն: