Մարքօ Ռէօյս Վնասուածքի Պատճառով
Պիտի Չմեկնի Քաթար
Վերջին անգամ 14 նոյեմբեր 2017-ին Ֆրանսայի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին (2-2) իր մասնակցութիւնը բերած Մարիօ Կէօթցէ դարձեալ վերադարձաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբ` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալին:
Ան 2014-ի Մոնտիալի աւարտականին հանդիսացաւ յաղթական կոլի հեղինակ:
30 տարեկան միջնապահը Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին իր կազմին` Այնթրախթ ֆրանքֆորթի հետ ցարդ կատարած է 22 մրցում, նշանակած 2 կոլ եւ կատարած 3 էսիսթ:
Նշենք, որ Գերմանիոյ մարզիչ Հանս-Տիեթըր Ֆլիքի կողմէ հրապարակուած կազմէն դուրս մնաց Պորուսիա Տորթմունտի 33 տարեկան միջնապահ Մարքօ Ռէօյս, որ վնասուածքի պատճառով պիտի չմեկնի Քաթար:
Ան վիրաւորուած էր նախորդ 17 սեպտեմբերին` Շալքէի դէմ արձանագրուած յաղթանակին ընթացքին (1-0):
Ան բացակայած էր նաեւ 2014-ի Մոնտիալէն, «Եւրօ-2016»-էն, իսկ յոգնածութեան պատճառով հրաժարած էր մասնակցիլ «Եւրօ-2020»-ին:
2022-ի Մոնտիալի Ա. հանգրուանի մրցումներուն Գերմանիոյ մրցակիցները պիտի ըլլան Ճափոն, Սպանիա եւ Քոսթա Ռիքա:


