Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Լուիս Սուարեզ շատ հաւանական է, որ ունենայ իր նոր ակումբը եւ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Պրազիլի մէջ` մաս կազմելով Կրեմիոյի:
Վերջերս լուրեր շրջան կ՛ընէին, որ 35 տարեկան Սուարեզ հաւանաբար տեղափոխուի Միացեալ Նահանգներ եւ հոն իր մասնակցութիւնը բերէ «Մէյճըր Լիկ»-ին:
Կրեմիոյի նախագահը իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ֆութպոլիստին փոխանցման գործողութիւններով զբաղող անձին հետ իր վերջին հանդիպումէն ետք միայն կրնայ պաշտօնապէս ըսել, որ ան պիտի դառնա՞յ ակումբի նոր ֆութպոլիստը, թէ՞ ոչ:
Նշենք, որ նախքան 2022-ի Մոնտիալին մեկնարկը տրուիլը, ան Նասիոնալի (Ուրուկուէյ) ֆութպոլիստ էր:


