Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Լուիս Էնրիքէ շատ հաւանաբար մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Անգլիոյ մէջ:
Նշուեցաւ, որ 52 տարեկան Էնրիքէով մօտէն հետաքրքրուած է լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը:
Անիկա պատրաստ է սպանացիին առաջարկելու երեք տարուան պայմանագրութիւն մը, 12 միլիոն եւրօ աշխատավարձով:
Էնրիքէով հետաքրքրուած է նաեւ սպանական Աթլեթիքօ Մատրիտը:


