Աշխարհի եռակի ախոյեան, պրազիլցի անուանի նախկին ֆութպոլիստ Փելէի առողջական վիճակը աւելի վատթարացած է, քան ինչ որ էր 2022-ի Մոնտիալին ընթացքին, այս մասին յայտնեցին Սան Փաուլոյի հիւանդանոցին բժիշկները:
Պրազիլցին այժմ կարիքը ունի աւելի լուրջ խնամքի: Անոր մօտ յայտնուած են երիկամներու եւ սրտի աշխատանքի խնդիրներ:
Նախորդ տարի 82 տարեկան Փելէ հաստ աղիքի քաղցկեղի հեռացման համար վիրաբուժութեան ենթարկուած էր:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթ ի յայտ եկած էր, որ պրազիլցին քաղցկեղ ունի նաեւ աղիքներուն, լեարդին եւ թոքերուն մէջ:


